ՀՅԴ Եվրոպայի հայ դատի հանձնախումբը դատապարտում է

ՀՅԴՍուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն իսկ, Հալէպի հայկական համայնքը, գտնուելով կառավարական եւ ընդիմմութեան ուժերուն ընդհարումի գօտիին միջեւ, մինչեւ այսօր կ’ապրի ծանր օրեր, տալով տասնեակներով զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ կրելով հսկայական վնասներ համայնքային եւ սեփական կառոյցներու: Վերջին շրջանին կացութիւնը վատթարացած է, քանի շրջանին մէջ, կառավարութեան դէմ հակադրուող ուժերը, Ալ Քայիտայի հետ կապակցութիւն ունեցող ուժերն են:

Կասկածէ վեր է թէ ծայրայեղական ընդիմադիր այս ուժերը, զինուած Թուրքիոյ  կողմէ եւ մուտք գործած Թուրքիայէն, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախը ընտրած են յարձակումները անզէն ժողովուրդին վրայ, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Կարճ ժամանակ առաջ, մուտք գործելով Թուրքիայէն, յարձակեցան հայաբնակ Քեսապին վրայ, պատճառ դառնալով որ ամբողջ բնակչութիւնը տեղահանուի եւ ապաստան գտնէ Լաթաքիիոյ մէջ: Վերջին օրերուն նոյն ուժերը, մուտք գործելով նորէն Թուրքիայէն, սկսած են անդադար հրթիռակոծումը Հալէպի հայկական թաղամասերուն եւ յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն մամլոյ սպասարկութիւններ եւս, Նոր Գիւղի անդադար այս հրթիռակոծումը, ծայրայեղական ուժերուն կողմէ, վտանգի ենթարկած է բնակչութեան կեանքը իսկ մեծ վնասներ հասցուցած՝ հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու, բնակարաններու եւ գործատուներու, որոնք ամբողջութեամբ կամ մասամբ քանդուած են, պատճառելով անզէն եւ խաղաղ բնակչութեան տեղահանումը եւ ապաստան գտնելը Լաթաքիա, ուր արդէն խճողուած են Քեսապի փախստականները:

Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութիւնը, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգման Մարմինը, յայտարարած է Հալէպի հայկական թաղամաս Նոր Գիւղը իբրեւ ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ:

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, կը դատապարտէ շարունակական այս յարձակումները Սուրիոյ հայ ազգաբնակչութեան դէմ: Անկասկած՝ ծայրայեղական այս ուժերը կը նկատեն այժմ, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախը կը նկատեն հայաբնակ շրջանները եւ որոնք անտարակոյս կը քաջալերուին երրորդ երկիրներու կողմէ եւ յատկապէս Թուրքիայէն, ուր եւ կը զինուին այս ուժերը եւ ունին արտօնութիւնը մուտք գործելու Սուրիոյ սահմաններէն ներս, հակառակ Թուրքիոյ անհիմն պնդումներուն որ ինք ոեւէ մեղսակցութիւնը չունի:

Կոչ կ’ուղղենք Եւրոպական Միութեան, որ այլեւս ժամանակն է փոխելու իր որդեգրած կեցուածքը մինչեւ այսօր եւ դատապարտելու բուռն կերպով այս յարձակումները եւ ճնշելու Թուրքիան որ դադարեցնէ ոճրագործ այս ուժերու զինումը եւ ուղարկումը Սուրիա, յարձակումներ կատարելու համար հայաբնակ շրջաններու վրայ: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր պետութիւններուն եւ յատկապէս անոնց որոնք կը սատարեն ընդիմութեան ուժերուն, որ միջամտեն եւ պահանջեն ծայրայեղական այդ ուժերէն, դադարեցնելու իրենց յարձակումները հայաբնակ շրջաններուն վրայ: Այն պետութիւնները, որոնք պիտի չառնեն նման նախաձեռնութիւններ պիտի կրեն բարոյական պատասխանատուութիւնը հակահայ այս գործողութիւններուն եւ բոլոր ոճիռներուն որ կը կատարուին ծայրայեղական այս ուժերուն կողմէ:

Կոչ կ’ուղղենք Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որ դիմեն անմիջական միջոցառումներու, ապահովելու անզէն ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը, որուն տենչանքն է իր գիւղերուն եւ թաղամասերուն մէջ ապրելու խաղաղութեամբ եւ կեանքի ու ինչքի ապահովութեամբ:

Հայ ժողովուրդը որ ենթարկուած է ցեղասպանութեան թուրքիոյ կողմէ, դիմագրաւած է մեծ աղէտներ, սակայն այսօր ոտքի է եւ կենդանի, պիտի չ’արտօնէ ոեւէ նոր զանգուածային յարձակումներու ծրագրի իրագործումը Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն դէմ, եւ պիտի հակազդէ համապատասխանօրէն ամբողջ աշխարհի մէջ, ապահովելու համար Սուրիոյ հայութեան անվտանգութիւնը:

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ    

Tags: ,