Արցախ տուած երկօրեայ այցելութեան առաջին օրը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ազգային ժողովի դահլիճ, ուր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Արցախի մասին սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցեց, անդրադարձաւ անոր պատմական-մշակութային արժէքներուն, ռազմական սխրանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Ան աւելցուց, թէ իւրաքանչիւր երիտասարդ կրնայ իր մասնագիտացումի ճամբով օգտակար ըլլալ Հայաստանին ու Արցախին:
Երկրորդ այցելութեան վայրը Ստեփանակերտի զօրամասերէն՝ 8-րդ պաշտպանական շրջանն էր, ուր ուսանողները ծանօթացան զինուորական առօրեային, ստացան ռազմավարական գիտելիքներ. հաւաքի մասնակիցները յանձնեցին մարզական սարքեր՝ իբրեւ խորհրդանշական նուէր:
Յաջորդ հանգրուանը Գանձասարն էր, ուր ուսանողներուն փոխանցուեցան տուեալ կոթողին մասին մանրամասնութիւններ: Օրուան վերջին կայքը Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանն էր. ֆորումականները ծանօթացան անոր կեանքին ու գործունէութեան, ապա այդ շինութեան կողքին՝ բնութեան գիրկը, Արցախի լեռներով շրջապատուած խորոված պատրաստեցին, կերան ու երգեցին մինչեւ կէս գիշեր:
Երկրորդ օրը ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, ապա Նարեկացի արուեստի դպրոցը, ուր տեղի կ’ունենայ Արամ Մանուկեան ճամբարը: Պանդոկ վերադառնալէ առաջ հաւաքի մասնակիցները կանգ առին Ջդրդուզ ու ծանօթացան Շուշիի ազատագրումը խորհրդանշող լերան:Կէսօրէ ետք խումբը մեկնեցաւ դէպի Տիգրանակերտի բերդ ու թանգարան:
Ստեփանակերտ վերադարձին, ֆորումականները այցելեցին Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան միութեան անդամներուն հետ:
Արցախի մէջ վերջին երեկոն եղաւ ճոխ ու խանդավառ. արդարեւ, երաժշտական խումբի մը ընկերակցութեամբ մասնակցողները վայելեցին անմոռանալի երեկոյ մը:
Ֆորումականները Արցախին հրաժեշտ տուին «Տատիկին ու Պապիկին» խոստանալով կրկին այցելութիւն:
Յաջորդ կանգառը Լաչին էր, ուր ուսանողները Երեւանի պետական համալսարանի ծառատունկի ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին. անոնք դիմաւորուեցան մեծ ոգեւորութեամբ, ինչպէս նաեւ տնկեցին եւ որդեգրեցին երեք ծառեր:
Տաթեւի վանքը եղաւ խումբին յաջորդ այցելութեան վայրը: Հրաշալի այս վայրը նոր թեւեր տուաւ ֆորումականներուն՝ ճոպանուղիով «թռչելու» ու հասնելու վանք, ապա խումբը կանգ առաւ Շաքէի ջրվէժին մօտ: Ճաշի կարճ դադարէ մը ետք հաւաքի մասնակիցները ճամբայ ելան դէպի Երեւան:
Հաւաքի նախավերջին օրը,առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Էջմիածնի Մայր տաճար եւ թանգարան, ապա՝ Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կը գտնուի Րաֆֆիի «Խենթ»-ին շիրիմը: Այնուհետեւ խումբը այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ Զուարթնոցի տաճար:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7։00-ին, ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութեան եւ տողանցքին:
Կիրակի, 28 Յուլիս 2013-ը յատկանշական օր մըն էր ֆորումականներուն համար՝ տրուած ըլլալով, որ ուսանողական հաւաքը կը հասնէր իր աւարտին:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ յանձնախումբերը կը պատրաստուէին եզրափակիչ հանդէսին՝ կատարելով վերջին փորձերը:
Կէսօրէ ետք, ժամը 4:30-ին, Նարեկացի արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը: Ֆորումականները հանդէս եկան պարով, խմբերգով, զուգերգով մը, նուագով եւ թատերական ներկայացումով: Մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած սահիկներու ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէր ֆորումականներն ու անոնց առօրեան հաւաքին ընթացքին: Հանդէսի աւարտին խօսք առին Լիլիթ Գալստեանը եւ Նորա Թաշճեանը. բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակցութեան հաստատագիրները:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք «Պելաժիօ» ճաշարանին մէջ, ուր ֆորումականները պարով ու երգով անցուցին անմոռանալի երեկոյ մը:
29 Յուլիսի առաւօտեան կարգ մը մասնակիցներ արդէն իսկ մեկնեցան իրենց երկիրները, յուզումով ու արցունքներով բաժնուելով իրենց ընկերներէն եւ խոստանալով, որ անգամ մը եւս կը հանդիպին հայրենիքի մէջ:
Tag Archives: Համազգային
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի մասնակիցները հասան Արցախ
19-էն 22 Յուլիս 2013, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ: Մասնակիցները այցելեցին Մատենադարան, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, «ԿրանտՍփոր» համալիր, Սարդարապատի յուշահամալիր ու ազգագրութեան թանգարան, Չարենցի կամար, Գառնիի տաճար եւ Գեղարդ:
Դիլիջանի մէջ ուսանողները այցելեցին Հաղարծին եկեղեցին, ապա ըմբոշխնեցին բնութեան պարզութեամբ ստեղծուած հրաշք վայրը՝ Պարզ լիճը, որմէ ետք խումբը մեկնեցաւ Սեւանայ լիճ, ուր ֆորումականները լողացին՝ հակառակ ցուրտ օդին:
Դասախօսութիւններու ծիրին մէջ Յուշամատեան կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Վահէ Թաշճեան ուսանողներուն ծանօթացուց կայքէջը, որուն նպատակն է վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան հայերու տեղական պատմութիւնն ու յիշողութիւնը:
«Ռիփաթ Արմինիա» հիմնադրամի տնօրէն՝ ՎարդանՄարաշլեան սպառիչ ձեւով հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուց հիմնադրամի նպատակները, գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձութեան կարելիութիւնները: Ան ուսանողները մղեց ներդրում կատարելու հայրենիքին մէջ իրենց մասնագիտութեանճամբով, միաժամանակ՝վայելելու հայրենիքի բարիքները:
Տեղի ունեցաւ նաեւ դասախօսական զրոյց մը՝ «Ո՞վ է հայը» նիւթով: Զրոյցը վարեցին Կարօ Յովհաննէսեան եւ պատմագէտ ու օսմանագէտ Էլքը Հարթման: Զրուցավարները հակիրճ ձեւով ներկայացուցին իրենց կարծիքները նիւթին մասին, ապա խօսքը փոխանցեցին մասնակիցներուն, որոնք հերթաբար արտայայտուեցան ու փոխանցեցին տարբեր կարծիքներ: Կարօ Յովհաննէսեան շեշտը դրաւ ազգային գիտակցութեան ու մեր ժառանգութեամբ հպարտ ըլլալու կարեւորութեան վրայ եւ կատարեց ազգի սահմանումը, ապա ըսաւ. «Հայը ան է, որ Հայաստանը կ՛ընդունի իր միակ եւ վախճանական վայրը»: Իսկ Էլքը Հարթման ըսաւ, թէ հայերուս ինքնութիւնը միատեսակ չէ եւ հարց դրաւ, թէ ո՞վ կրնայ արժեւորել հայ ըլլալու հանգամանքը, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն ունենալու բաց եւ դրական մտայնութիւն եւ ոչ՝ժխտական:
Մշակութային ձեռնարկներու ծիրին մէջ ֆորումականները ներկայ գտնուեցան «Բարեկամութիւն» պարի պետական համոյթի համերգին:
23 Յուլիս 2013-ը Համազգայինի ուսանողական հաւաքի պատմութեան մէջ բացաւ նոր էջ մը՝ իր ծրագիրին մէջ ներառելով Արցախի այցելութիւնը: Մասնակիցները առաւօտեան ճամբայ ելան ու այցելեցին յաջորդաբար՝ Խոր Վիրապ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան եւ Նորավանք: Եւ վերջապէս ազատ Արցախը ողջունեց այցելուները:
Հաւաքի ամէնօրեայ լուրերուն հետեւելու եւ նկարները դիտելու համար այցելել www.hamazkayin.comկայքէջը: